ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԷՋ

Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան վերջերս արձագանգեց Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ նախատեսուած բարեփոխումներուն։ Ան ողջունելի համարեց մանաւանդ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս բարեփոխումներու իրականացման առումով Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր արձագանգը արդէն տեղ գտած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տըն-տեսական բարեփոխումներու ծրագրին վրայ։ Անդրադառնալով իր կողմէ մշակուած «Գնեցէք Հայաստանէն» նախաձեռնութեան՝ Կիրակոս Գույումճեան նշած է հետեւեալը.

«Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդող ժամանակաշրջանը լաւատեսութեան նոր էջ մը բացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Մի քանի ամիսները բաւարար եղան՝ որպէսզի վիճակագրական տուեալները դրական ցուցանիշ մը արձանագրեն երկրի զանազան բնագաւառներուն մէջ»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018