ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Եգիպտոս։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Մխիթար Հայրապետեան պիտի մէկտեղուի եգիպտահայ համայնքի շրջանակներուն հետ։ Իր կեցութեան օրերուն ան պիտի հիւրընկալուի նաեւ Եգիպտոսի ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Այսպէս, սեպտեմբերի 25-ին նախատեսուած է Մխիթար Հայրապետեանի հանդիպումը՝ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մակպուլիի հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018