ՀԵՂՈՒԿԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Միջերկրականի արեւելքին միջոցէ մը ի վեր յառաջ կը տարուին աշխատանքներ, որոնք ուժանիւթի բնագաւառին տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Եօթ տարի առաջ Կիպրոսի հարաւին առաջին անգամ բնական կազի հանքեր յայտնաբերուած էին եւ այդ հանքերը՝ կոչուած «Աֆրոտիթ»։ Վերջերս Յունական Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի կառավարութիւններուն միջեւ այս կապակցութեամբ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը։ Այսպէս, Եգիպտոսի Ուժանիւթի նախարար Թարըք էլ Մուլլա վերջերս այցելեց կղզիի հարաւը։ Յունական Կիպրոսի Ուժանիւթի նախարար Եորկոս Լաքքօ Թրիփիս եւ Թարըք էլ Մուլլա այս առթիւ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի «Աֆրոտիթ»ի բնական կազի արժեւորման։

«Աֆրոտիթ»էն արտահանուելիք բնական կազը խողովակաշարով մը պիտի առաքուի Եգիպտոս, ուր պիտի մշակուի, պիտի հեղուկացուի եւ կազատար մեծ նաւերով վաճառքի պիտի ուղարկուի դէպի Եւրոպայի շուկաներ։ Սոյն խողովակաշարը պիտի կառուցուի այն օտար քարիւղի ընկերութիւններուն կողմէ, որոնք վարձած են այդ գօտին։ Յունական Կիպրոսը վարձակալութեան համաձայնագիր ստորագրած է քոնսորսիումի մը հետ, որուն մաս կը կազմեն անգլիական, ամերիկեան եւ իսրայէլական ընկերութիւններ։ Միջերկրականի արեւելքին կառուցելիք խողովակաշարը Կիպրոսի հարաւէն պիտի հասնի Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը։ Կը նախատեսուի, որ այս խողովակաշարին կառուցումը պիտի աւարտի 2022 թուականին։

Հարկ է յիշեցնել, որ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր վերապահութիւն կը յայտնէ Կիպրոսի բնական պաշարներու միակողմանի օգտագործման դէմ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018