ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԵՐԵԽԱՅ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի «Ա. Սէ. Ռոմա» տեղափոխութիւնը օգնած է յայտնաբերել կորսուած 13 տարեկան քենիացի երեխայ մը, որուն լուսանկարը «Ա. Սէ. Ռոմա»ն տեղադրած էր Մխիթարեանի տեղափոխութեան մասին պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:

13 տարեկան երեխան յայտնաբերուած է եւ բարեյաջող վերադարձած իր ընտանիքին:

Մխիթարեան, անդրադառնալով կորսուած երեխային յայտնաբերման, այդ լուրը նկատած է «հրաշալի նորութիւն»:

Իտալական ակումբը ընթացիկ տարեշրջանին իւրաքանչիւր փոխանցման մասին յայտարարելու ընթացքին տեսանիւթով կը ներկայացնէ նաեւ նկարները այն երեխաներուն, որոնք անյայտ կորսուած կը նկատուին:

«Ա. Սէ. Ռոմա» յոյսով է, որ կը գտնուին նաեւ կորսուած մնացեալ 11 երեխաները:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019