ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ…

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձն է։ Հայաշխարհը համազգային հրճուանքով կը տօնախմբէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը՝ յարատեւութեան ու խաղաղութեան մաղթանքով։

Սեպտեմբերի 21-ի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրապարակեց շնորհաւորական մը, որու մէջ նշած է հետեւեալը.

Այսօր Հայաստանի անկախութեան օրն է։ Սա առանձնայատուկ պատգամ մըն է՝ աւելի լաւ ճանչնալու համար մենք մեզ՝ մեր երկիրը, մեր ինքնութիւնը, մեր հնարաւորութիւնները, մեր ներուժը։ Ինչ որ ունինք այսօր՝ ազատութիւն, անկախութիւն, հայրենիք, պետութիւն, այդ բոլորին համար պարտական ենք մենք մեզի։ Ինչ որ պիտի կարենանք ձեռքբերել, դարձեալ պիտի ըլլայ մեր շնորհիւ՝ մեր համախմբուածութեան, մեր միասնական ջանքի, գործի վերածուած մեր մտքի, իրարու հանդէպ յարգանքի եւ հանդուրժողութեան։ Լաւագոյն ճանապարհը ամենօրեայ աշխատանքն է, ամենօրեայ արարումը, հոգատարութիւնը երկրի, պետութեան նկատմամբ, հայրենապաշտութիւնը եւ հայրենաճանաչումը։ Հայրենիքը կը մնայ ընդամէնը աշխարհագրական քարտէս, եթէ զայն չապրեցնենք մեր մէջ, չապրեցնենք մեզմով եւ չապրինք անով։ Հայրենիքը սիրելու եւ անով ապրելու համար զայն պէտք է ճանչնալ։ Իսկ ճանչնալու համար քարտէսի վրայ իր տեղը իմանալը բաւարար չէ։ Հայրենիքը պէտք է տեսնել՝ Կիւմրիէն մինչեւ Գորիս, Սիւնիքէն մինչեւ Լոռի, Արցախէն մինչեւ Տաւուշ։ Հայրենքը տեսնելէ եւ զգալէ յետոյ աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ինչ պէտք է ընել անոր համար, ինչպէս պէտք է ընել եւ ինչու պէտք է ընել։ Մենք պէտք է ունենանք տեսլական, առաջարկենք եւ իրագործենք գաղափարներ ու ծրագրեր։ Հայրենիքը ճանչնալու համար պէտք է հասկ-նալ հայրենատէրը, որովհետեւ հայրենիքը նաեւ մարդիկ են, որոնք մեզի հետ, մեր կողքին կ՚ապրին ու կ՚արարեն։ Ինչպէս անկախութեան ձեռքբերման բախտորոշ օրերուն եւ անոր յաջորդող դժուար տարիներուն, այսօր ալ մեր պետութեան առջեւ կան մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման բանալին կը գտնուի բացառապէս մեր ձեռքը։

Հրանդ Մատթէոսեան կ՚ըսէր. «Հայրենիք հիմնած ենք, հայրենիք կը բարձրացնենք… Հայրենիքը կը պահանջէ իր բոլոր որդիներու, մեր ամենամեայ, ամենօրեայ, այսժամեայ հաւատաւոր ջանքը»։

Չխնայե՛նք մեզի, մեր ջանքը, մեր միտքը, մեր սէրը հայրենիքի համար։ Պաշտպան ու պահապան ըլլանք մեր պետութեան, մեր Եկեղեցւոյ, հանդուրժող ու սրտցաւ ըլլանք իրարու հանդէպ։

Որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ մենք կամուրջ ենք քաղաքակրթութիւններու միջեւ։ Աշխարհի զանազան վայրերուն կը խեղաթիւրուին արժեհամակարգերը, քաղաքակրթութիւնները կը զոհաբերուին քաղաքականութեան, մարդկային յարաբերութիւնները՝ զանազան շահերու, մարդիկ իրարու հանդէպ կը դառնան անտարբեր ու յաճախ՝ օտար։ Ուստի, առաւել քան անհրաժեշտ է հոգատար ըլլալ մեր արժեհամակարգի, իրարու նկատմամբ։ Մենք կրնանք որպէս մարդ ըլլալ իրարմէ տարբեր, բայց յանուն մեր ընդհանուր նպատակներու, յանուն մեր անկախութեան, յանուն մեր ապագայի պարտաւոր ենք ըլլալ համախմբուած ու միասին։

Յաւերժ փառք անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած բոլոր հերոսներուն։

Աստուած զօրավիգ անկախութեան եւ ան-վըտանգութեան երաշխաւոր մեր բանակին։

Կեցցէ՛ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին։

Աստուած պահապան բոլորիս։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ շնորհաւորական պատգամ մը հրապարակեց օրուան տօնին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը նշած է հետեւեալը.

Անկախութեան տօնի այս նուիրական օրով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը բերենք մեր ժողովուրդին։ Ազգային ազատագրական դարաւոր պայքարի եւ պատմութեան ընթացքին յանձն առնուած զոհողութիւններու մեր ամենաթանկ ձեռքբերումն է անկախ պետականութիւնը։ Մեր ժողովուրդը աներկբայ հաւատով ձգտեցաւ իր պատմական հայրենիքի հողի վրայ անկախ պետականութեան վերակերտումը՝ ամուր վստահութեամբ, թէ միայն այդ հաստատուն հիմքի վրայ պիտի կարողանայ կազմակերպել զարգացող ու յառաջընթաց իր կեանքը, ապահովել ազգի յարատեւութիւնը։ Անկախ պետականութիւնը՝ իբրեւ ազգային երազներու մարմնաւորեալ զաւակ, համախմբեց նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, դարձաւ հնարաւորութիւն միասնական ջանքերով նուիրուելու անոր ամրապնդման ու զօրացման։ Ամէն օր արդար ու բարի, հայրենաշէն գործերով պիտի վկայենք, թէ արժանի ենք Աստուծոյ շնորհով եւ մեր ազգի զրկանքներով վաստակեալ անկախ պետականութեան։ Մեր մաղթանքն է, որ այս գիտակցութեամբ ու զգացումներով տօնախմբենք Անկախութեան տօնը, որպէսզի անոր խորհուրդը ամուր մնայ մեր եւ յետագայ սերունդներու կեանքին մէջ։

Կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած խաղաղ պահէ մեր հայրենիքը եւ օրհնէ մեր ժողովուրդի ջանքերը՝ յանուն իր շէն ու բարգաւաճ ազգային կեանքի եւ լուսաւոր գալիքի։ Տիրոջ ողորմութիւնն ու շնորհները թող ըլլան մեզի ու բոլորին հետ, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019