Հա­յաս­տան Ա­ռա­ջին Ան­գամ Կը Մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­յի Հե­ծե­լար­շա­ւի Ա­խո­յե­նու­թեան

Մաս­նակ­ցու­թեամբ 35 եր­կիր­նե­րէ 280 հե­ծե­լան­ւորդ­նե­րու, ե­րէկ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մեր­ձա­կայ­քը գտնուող Սենթ Քան­թէն Ան Ի­վե­լին քա­ղա­քին մէջ սկսաւ Եւ­րո­պա­յի հե­ծե­լար­շա­ւի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը:

Հա­յաս­տան իր պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակ­ցի այս ա­խո­յե­նու­թեան:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը այս ա­խո­յե­նու­թեան պի­տի ըլ­լայ 23 տա­րե­կան հե­ծե­լան­ւորդ Մհեր Մկրտչեան:

Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի գլխա­ւոր մար­զիչ Ար­մէն Կէօ­զա­լեան անդ­րա­դառ­նա­լով այս ա­խո­յե­նու­թեան՝ ը­սաւ. «Նա­խա­պէս մաս­նակ­ցած ենք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ 23 տա­րե­կա­նէն վար ա­խո­յե­նու­թիւն­նե­րուն: Կը կար­ծեմ, որ այժմ ժա­մա­նա­կը հա­սած է, որ մեր ու­ժե­րը փոր­ձենք մե­ծե­րու, Եւ­րո­պա­յի եւ աշ­խար­հի ա­խո­յե­նու­թիւն­նե­րուն:

«Մեր մաս­նա­կի­ցը՝ Մհեր Մկրտչեան, Հա­յաս­տա­նի 2016 թուա­կա­նի ա­խո­յեա­նը ըլ­լա­լէ բա­ցի, 2011 թուա­կա­նին ե­ղած է աշ­խար­հի ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­խո­յե­նու­թեան կրկնա­կի ար­ծա­թէ մե­տայ­լա­կիր: Յոյ­սով ենք, որ ան լաւ ար­դիւնք ձեռք ձգէ Ֆրան­սա­յի մէջ»:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016