Հայաստանի չորս քաղաքներ անդամակցած՝ իւնէսքօ-ի «Ուսումնառող Քաղաքներու Համաշխարհային Ցանց»ին

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վին ջան­քե­րով՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց»ին ան­դա­մակ­ցած են Հա­յաս­տա­նի չորս քա­ղաք­ներ՝ Սի­սիան, Սե­ւան, Դի­լի­ջան եւ Կիւմ­րի:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, ՄԱԿ-ի Կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս կրթու­թեան վե­րա­բե­րող չոր­րորդ նպա­տա­կի ի­րա­կա­նա­ցու­մը խթա­նե­լու եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու կերտ­ման լա­ւա­գոյն փոր­ձի փո­խա­նակ­ման մի­ջազ­գա­յին հար­թակ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով՝ 2012 թուա­կա­նին ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ նա­խա­ձեռ­նուած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց»ի (UNESCO Global Network of Learning Cities (GNLC)) ստեղծ­ման, ո­րու մեկ­նար­կը, վեր­ջի­նիս մրցա­նա­կին հետ մէկ­տեղ, տե­ղի ու­նե­ցած է 2015-ի Սեպ­տեմ­բե­րի 28-30 թուա­կան­նե­րուն՝ Մեք­սի­քո­յի մէջ կա­յա­ցած Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու երկ­րորդ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք:

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց»ին ան­դա­մակ­ցե­լու ժա­մա­նակ քա­ղաք­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռուի օգ­տուե­լու ցան­ցին ան­դա­մակ­ցող այլ քա­ղաք­նե­րու հետ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան իւ­րո­վի հար­թա­կէն: Ան­դա­մակ­ցող քա­ղաք­նե­րը նաեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ստա­նան ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու եր­կա­մեա­կի կտրուած­քով տրուող «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք» մրցա­նա­կին հա­մար, որ կը շնորհուի ու­սում­նա­ռող քա­ղա­քի ստեղծ­ման եւ կա­յաց­ման գոր­ծին նշա­նա­կա­լի յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած քա­ղաք­նե­րուն:

Բաց աս­տի, ան­դա­մակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի կամ ընտ­րուած այլ մարմ­նի կող­մէ կա­ռա­վա­րուող, առ­նուազն 10 հա­զար բնա­կիչ ու­նե­ցող վար­չա­տա­րած­քա­յին այն միա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք պատ­րաստ են որ­դեգ­րել ցան­ցի ու­ղե­ցու­ցա­յին եր­կու փաս­տա­թուղ­թե­րու` «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու կա­ռուց­ման Փե­քի­նի հռչա­կա­գիր»ի եւ «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հիմ­նա­կան յատ­կա­նիշ­ներ»ու սկզբունք­նե­րը եւ ո­րոնց յայ­տե­րը կ՚ար­ժա­նա­նան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­ւա­նու­թեան:

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց»ին ան­դա­մակ­ցե­լու հա­մար յայտ կրնան ներ­կա­յաց­նել ու­սում­նա­ռու­թեան գա­ղա­փա­րը խրա­խու­սող եւ վե­րոն­շեալ չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող բո­լոր քա­ղաք­նե­րը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016