Ուքրայնոյ Մէջ նշուեցաւ Հայկական Գրատպութեան 400-Ամեակը

Լվո­վի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ գիր­քը» հան­դէ­սը՝ նուի­րուած Ուք­րայ­նոյ մէջ հայ­կա­կան գրատ­պու­թեան 400-ա­մեա­կին:

Ներ­կա­յա­ցուած գիր­քե­րուն մէջ յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց Ուք­րայ­նոյ հա­յե­րու միու­թեան (ՈՒՀՄ) գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վա­ծոն՝ «Հա­յա­գի­տու­թեան հրա­տապ հար­ցե­րը» հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ տեղ գտած են ուք­րա­նա­ցի եւ ար­տա­սահ­մա­նեան գիտ­նա­կան­նե­րու  ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը:

Ուք­րայ­նոյ հա­յե­րու միու­թեան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հար­ցե­րով զբա­ղող կո­մի­տէի ղե­կա­վար Դա­ւիթ Դաւ­թեան նշեց, որ ժո­ղո­վա­ծոն հրա­պա­րա­կուած է Ուք­րայ­նոյ մէջ, հայ­կա­կան գրատ­պու­թեան 400-ա­մեա­կին ա­ռի­թով: Ժո­ղո­վա­ծոն կ՚ընդգր­կէ Ուք­րայ­նոյ հա­յե­րու միու­թեան կող­մէ ուք­րա­նա­կան գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ  կազ­մա­կեր­պուած մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու նիւ­թեր:

Ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց նաեւ Վար­դան Դեւ­րի­կեա­նի «Լվո­վի հայ­կա­կան գրատ­պու­թիւ­նը 400 տա­րե­կան է» հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, որ ներ­կա­յա­ցուց Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան: Սրբա­զան Հայ­րը յայտ­նեց, որ այդ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը յա­տուկ պատ­րաս­տուած է Ուք­րայ­նոյ հայ­կա­կան գրատ­պու­թեան 400-ա­մեա­կին ա­ռի­թով եւ նուի­րուած է Յով­հան­նէս Կա­րա­մա­տեն­ցիի տպագ­րա­տան պատ­մու­թեան եւ այն գիր­քե­րուն, ո­րոնք հրա­տա­րա­կուած են հոն:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016