ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԺԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ

Դէ­պի Հո­լան­տա աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գ­­սեան Մաասթ­րիխ­թի մէջ մաս­նակ­ցե­ցակ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զըֆ Տո­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հա­ւա­քին ներ­կայ էին նաեւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ Տո­նալտ Թուսք, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր, ինչ­պէս նաեւ ԵՄ-ի եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րէն ԵԺԿ-ի ան­դամ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։

Լիմ­պուր­կի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նէն ներս կազ­մա­կերպուած հա­ւա­քին ըն­թաց­քին Սարգ­սեան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։ Ան այս առ­թիւ կանգ ա­ռաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն վրայ։

Միւս կող­մէ, Մաասթ­րիխ­թի մէջ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց նաեւ Սուրբ Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քէն դէմ­քե­րու հե­տ։

Ան կար­ճա­տեւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ե­կե­ղե­ցա­կան վար­չու­թեան ան­դամ «Ա­նի» հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ,  որ կը մաս­նակ­ցի հո­լան­տա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ձեռ­նարկ­նե­րուն: Սերժ Սարգ­սեան զրու­ցեց հա­մայն­քա­յին ա­ռօ­րեա­յին, խնդիր­նե­րուն, ծրա­գիր­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ, նաեւ պա­տաս­խա­նեց հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հե­տաքրք­րող հար­ցու­մե­րուն:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016