ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԵՒ ԽՈՒՆԿ

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ, մեծանուն վարպետ հոգելոյս Արա Կիւլէր՝ մահուան Ա. տարելիցին առթիւ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Ներկայ էր նաեւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան՝ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանին կողմէ։

Թէ՛ մեր համայնքէն եւ թէ թրքական շրջանակէն ներկայացուցիչներ համախմբուեցան Արա Կիւլէրի անթառամ յիշատակին շուրջ։ Բոլորը աղօթքով զինքը ոգեկոչեցին ու ծաղիկներ խոնարհեցին անոր յիշատակին առջեւ։

Նորին սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ օրհնուեցաւ հանգուցեալ Արա Կիւլէրի շիրիմը, որ այժմ արդէն ուխտավայր մը դարձած է իր սիրելիներուն եւ ընդհանրապէս լուսանկարչասէրներուն համար։

Հարկ է նշել, որ Արա Կիւլէրի ոգեկոչումը արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019