ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հետեւեցան Արցախի պաշտպանութեան բանակի ռազմափորձերուն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, «Մեխակաւան» զօրավարժարանէն ներս անոնք հետեւեցան մարտական հրաձգութիւնով իրականացուած գնդային մարտավարական ռազմափորձին։ Զօրավարժութիւններու աւարտին Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան, որոնց հետ էին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարները, բարձրաստիճան հրամանատարակազմի ներկայացուցիչներուուղեկցութեամբ շրջայց մը կատարեցին Արցախի պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերէն ներս։
Սերժ Սարգսեան Արցախի մէջ պարգեւներ յանձնեց զօրավարժութիւններուն աշխոյժ մասնակցութիւն բերած կարգ մը զինուորներուն նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ռազմական նշանակութեամբ կարգ մը նոր շէնքերու բացման արարողութեան։