ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ԹՈՒՐՔ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւսքելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Անոնք Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կարգ մը նիւթերու շուրջ տարակարծութիւնները թէեւ կը շարունակուին, սակայն կարեւոր կը համարուի դիւանագիտութեան ու երկխօսութեան ճանապարհներու բաց պահուիլը։ Ըստ նախարարին, այդ տարակարծութիւններու պատճառներէն մին Թուրքիոյ կողմէ ներածուած «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերն են։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ այս խնդրին կապակցութեամբ վաղը Անգարայի մէջ նախատեսուած է ժողով մը։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019