ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ

Պատկառելի կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր ընդունուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին շուրջ։

Ինչպէս ծանօթ է, կուսակալ Երլիքայա նախընթաց օր նոյն նիւթով այցելութիւն մը տուած էր Պատրիարքարան։ Ի շարունակութիւն՝ այս օրուան հանդիպումն ալ տեղի ունեցաւ պատրիարքական միւս թեկնածուին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Ալի Երլիքայա մաղթեց, թէ մեր համայնքը խաղաղ ու համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ ընտրէ իր նոր հոգեւոր պետը։ Նորին սրբազնութիւնն ալ, իր կարգին,  շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ պետութեան կողմէ դրսեւորուած դրական վերաբերմունքին համար։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019