ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿԸ

Հա­յաս­տա­նի Մար­զա­կան լրագ­րող­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ընտ­րեց 2016 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն մար­զի­կը։ Այդ կո­չու­մը շնոր­հուե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նին։ Հարկ է նշել, որ ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կ՚ընտ­րուի Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն մար­զի­կը։

Վե­րո­յի­շեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը այս տա­րի չէ ընտ­րած լա­ւա­գոյն խում­բը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016