ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան վեր­ջերս հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ երկ­րի տասն խո­շո­րա­գոյն հար­կա­տու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մե­ծա­գոյն ար­տա­ծող ու նե­րա­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս եր­կու հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ քննար­կուե­ցան տուեալ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը գի­տակ­ցի իր­մէ ակնկալուած քայ­լե­րուն, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րուին հե­տա­գա­յին բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման ու զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տէ։ 

Քննար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­ռանձ­նա­ցուե­ցան փո­խադ­րու­թեան գետ­նի վրայ առ­կայ շարք մը դժուա­րու­թիւն­ներ։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան գոր­ծա­րար աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն խոս­տա­ցաւ ըլ­լալ հե­տե­ւո­ղա­կան՝ իր նկա­տառ­ման յանձ­նուած խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, ան ընդգ­ծեց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չա­փա­զանց կը կա­րե­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տած­ման մի­տուած ար­տադ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016