Վիրահայոց Թեմէն Ներս ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Վի­րա­հա­յոց Թե­մի «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» սրա­հին մէջ, Դեկ­տեմ­բե­րի 16-ին, ո­գե­կո­չուած է հա­յե­րէն տպա­գիր Աս­տուա­ծա­շուն­չի 350-ա­մեա­կը:

Ձեռ­նար­կը սկսած է Թիֆ­լի­զի Ս. Գէորգ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բին «Տէ­րու­նա­կան» ա­ղօթ­քի կա­տա­րու­մով, ա­պա «Հրա­շա­փառ»ի հնչիւն­նե­րուն ներ­քոյ՝ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ դահ­լիճ բե­րուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի Սրբա­տառ Կոն­դա­կը՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն տպագ­րու­թեան 350-ա­մեա­կին ա­ռի­թով: Կոն­դա­կը ըն­թեր­ցած է Վի­րա­հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տ. Խո­րէն Վրդ. Յով­հան­նի­սեան:

Ցու­ցադ­րուած է տե­սաե­րիզ՝ նուի­րուած Ամս­թեր­տա­մի մէջ Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի ազ­գա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեան, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք՝ 1666 թուա­կա­նին, 5 հա­զար օ­րի­նակ տպա­քա­նա­կով, ա­ռա­ջին ան­գամ հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շունչ տպագ­րուե­ցաւ:

Ձեռ­նար­կը ամ­փո­փած է Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան: Իր օրհ­նու­թիւ­նը յղե­լով ներ­կա­նե­րուն՝ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը ար­ժե­ւո­րած է հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը, գնա­հա­տե­լով զայն իբ­րեւ ազ­գա­յի­նի պահ­պա­նու­թեան, գի­րի ու մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի ամ­րապնդ­ման ե­զա­կի մի­ջոց:

Սրբա­զան Հայ­րը իր որ­դիա­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին, որ Սրբա­տառ Կոն­դա­կով ա­մէ­նու­րեք, ինչ­պէս նաեւ Վի­րա­հա­յոց Թե­մէն ներս, ար­ժե­ւո­րուած եւ ան­մա­հա­ցուած է Աս­տուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն տպագ­րու­թեան 350-ա­մեա­կը:

Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ս. Գէորգ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ Մա­կար Եկ­մա­լեան երգ­չա­խում­բին կա­տա­րու­մով՝ հնչած են «Հայր մեր»ը, «Հրա­շա­փառ վա­րա­նիմք», «Ով զար­մա­նա­լի» եւ «Հրա­շա­ցան» շա­րա­կան­նե­րը՝ խմբա­վա­րու­թեամբ Սվետ­լա­նա Տա­տոե­ւա­յի։ Իսկ «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի Ներ­սէս Շնոր­հա­լի երգ­չա­խում­բը՝ խմբա­վա­րու­թեամբ Մա­րի Ա­բու­լեա­նի եւ դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի, կա­տա­րած է Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի «Նոր ծա­ղիկ», Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի «Հա­յոց գրեր» եւ Ռա­ֆա­յէլ Պատ­կա­նեա­նի «Օ­րօ­րո­ցա­յին» եր­գե­րը:

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րուած են 1733 թուա­կա­նին Վե­նե­տի­կի մէջ Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցի աբ­բա­հօր կող­մէ հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չի վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան, 1786 եւ 1842 թուա­կան­նե­րուն Տփխի­սի, 1857 եւ 1895 թուա­կան­նե­րուն Պոլ­սոյ եւ այլ տա­րի­նե­րուն հրա­տա­րա­կուած տպա­գիր օ­րի­նակ­նե­րը:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղած են Վի­րա­հա­յոց Թե­մի հո­գե­ւոր դա­սը, Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թե­նէն դի­ւա­նա­գէտ­ներ, հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, թիֆ­լի­զա­հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Ձեռ­նար­կի ի­րա­կա­նաց­ման մաս­նակ­ցած են թե­մի հո­գե­ւոր դա­սը, «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նը, ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը:

Ձեռ­նար­կը ա­ւար­տած է Տ. Վազգէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեա­նի ար­տա­սա­նած «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016