Ե­րե­ւա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ թուրք գրող Պիր­կիւլ Օ­ղու­զի «Հա՛հ» Հա­տո­րը

Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երեւանի մէջ, Դեկտեմբեմի 18-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ նուիրուած թուրք գրող Պիրկիւլ Օղուզի «Հա՛հ» հատորին: Թուրք երիտասրդ գրագիտուհիին գիրքը հրապարակուած է Հայաստանի մէջ գործող «Անտարես» հրատարկչատան կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ «Անտարես» հրատարակչատան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան, որ նշեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Մենք այսօր կոչուած ենք մշակութային տարբեր աշխարհի մը հետ հաղորդակցելու: Ճիշդ է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան հարեւաններ են եւ շատ նմանութիւններ ունին, բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ մշակոյթը բաւական տարբեր է մեր մշակոյթէն: Ես յոյս ունիմ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններով մենք կարելիութիւնը կ՚ունենանք մեր եւ Թուրքիոյ միջեւ մշակութային նոր որակի կապեր հաստատելու»:

Մարտիրոսեան շեշտեց նաեւ, որ հայերը եւ թուրքերը իրարու շատ նման են եւ ան այս առումով ըսաւ. «Չենք կրնար պատմութենէն փախչիլ՝ մենք նոյն հողատարածքներուն վրայ ապրած ժողովուրդներ ենք ու պարտաւոր ենք այդ հարթութենէն նայիլ դէպքերու ընթացքին»: Ան յայտնեց նաեւ, որ այսօր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կայ օդային պատուհան մը ու ըսաւ. «Եւ մենք պէտք է այդ պատուհանը դուռի վերածենք, մեր յարաբերութիւններու որակը բարձրացնենք, կապ ստեղծենք, առեւտուր ընենք եւ տարբեր-տարբեր ձեւերով ճիգ թափենք, որպէսզի կարողանանք հասնիլ մինչեւ Միջերկրական ծով»:

Արմէն Մարտիրոսեանի ելոյթէն ետք խօսքը տրուեցաւ գիրքի համախմբագիր՝ Զաւէն Պոյաճեանին, որ սեղմ տողերով ներկայացուց գիրքի թարգմանութեան գործընթացը։

Նշենք, որ Պիրկիւլ Օղուզի «Հա՛հ» հատորը հայերէնի թարգմանած են եօթ հոգիներ՝ Արփի Աթաբէկեան, Նարինէ Թադէոսեան, Անի Սարուխանեան, Արտակ Շաքարեան, Վարդուհի Պալեան, Տաթեւիկ Սարգիսեան եւ Սաթենիկ Պետրոսեան: Իսկ Զաւէն Պոյաճեանի կողքին, որպէս համախմբագիր աշխատանք տարած է Արմէն Օհանեան:

Վերադառնալով Զաւէն Պոյաճեանի խօսքին՝ ան նաեւ ներկայացուց գիրքին յատկանիշները եւ այս առումով ըսաւ. «Գիրքը, իմ կարծիքով, զուտ արդի գրական ստեղծագործութիւն մըն է, եւ ան նախատեսուած է ու «պատրաստուած» ընթերցողի համար, որովհետեւ գործին մէջ շատ են միջ-թեքստային աղերսները եւ յղումները՝ թրքական գրականութեան կարգ մը նշանաւոր գործերուն, ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գրականոթեան գործերուն եւ գիրքը լաւ ընկալելու համար ընթերցողը քիչ թէ շատ ծանօթ պէտք է ըլլայ արդի գրականութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային գրականութեան վերջին շրջանի կարեւոր արտադրութիւններուն»: Պոյաճեան նշեց նաեւ, որ անկախ արդի գործ մը ըլլալու հանգամանքէն՝ Պիրկիւլ Օղուզի հատորը կը կարեւորուի որպէս զուտ մարդկային հոգեվիճակներ արտայայտող եւ ներկայացնող հատոր մը ըլլալով ու ան գրուած է ողբի ժանրով: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Գիրքը գրուած է մասնաւորապէս հիմնուելով ողբի ժանրին վրայ եւ ան ներկայացուցած է մարդկային վիշտի ընդհանուր իրավիճակը եւ յուզական աշխարհը»: Պոյաճեան յիշեց նաեւ, որ Պիրկիւլ Օղուզ յաջողած է այդքան հինաւուրց եւ արժէքաւոր ողբի ժանրը լաւապէս ընկալել եւ այդ ժանրին մէջ փորձել նոր ձեւի արձակ մը կերտել: Ապա իր խօսքը աւարտելով՝ նշեց, որ գիրքը կը ներկայացուի քանի մը հերոսներու միջոցով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚ողբայ իր հօր մահը եւ իւրաքանչիւրը հանդէս կու գայ իրեն յատուկ շեշտով մը՝ միշտ հիմնուելով մարդու յուզական աշխարհին վրայ:

Իր կարգին, խօսք առնելով Պիրկիւլ Օղուզ յայտնեց, որ իրեն համար շատ մեծ ուրախութիւն է, երբ գրասեղանին կը տեսնէ վէպը՝ թարգմանուած հայերէն լեզուի եւ բարի նախանձով կը լեցուի հայ ընթերցողին հանդէպ, որովհետեւ ան պիտի կարողանայ իր գործը հայերէնով ընթերցել: Օղուզ նշեց նաեւ, որ ինք գրողի այն տեսակն է, որուն համար ստեղծագործական թեքստը շատ կարեւոր է եւ ինք այդ առումով ալ կը փորձէ բոլոր անհնարին համարուող քայլերու դիմել՝ իր ստեղծագործութեան մէջ փորձել յաջողցնելով այն բոլոր անհնարին համարուած թեքստային լուծումները:

Թուրք գրողը վէպը գրելու գաղափարի մասին նշեց, որ մինչեւ այս վէպին գրուիլը՝ իրեն համար, ինչպէս նաեւ շատերուն համար, սգոյ գրականութիւնը կը ներկայանար որպէս մահուան յաղթելու գաղափարով ամրագրուած դրոյթ մը, բայց խորքին մէջ այդպէս չէ, որովհետեւ, «ինչպէս բոլորս գիտենք, մահը անպարտելի է եւ ատոր մէջ է նաեւ, ձեւով մը, կեանքի գեղեցկութիւնը եւ իմաստը»: Ան նշեց նաեւ, որ իր գիրքին մէջ այս առումով անցեալի գրողներէն յատուկ մէջբերումներ կան եւ ինք իր գործը փորձած է գրել եւ ստեղծել՝ ձեւով մը մահուան հետ երկխօսելու ճիգով՝ միշտ հաւատալով, որ մահէն խուսափիլը անհնարին է եւ անպայման ան մեզի պիտի այցելէ օր մը: Ըստ Օղուզի, իրեն համար այս գիրքը բաւական վտանգաւոր գիրք մըն է, որովհետեւ զայն գրած պահուն կարծես վերածուած էր երկու անձերու՝ մէկը, որ կ՚ուզէր շատ ապրիլ եւ միւսը, որ կ՚ուզէր անձնասպանութիւն գործել:

Իր խօսքի աւարտին Պիրկիւլ Օղուզ շնորհակալութիւն յայտնեց «Անտարես» հրատարակչատան, թարգմանիչներուն եւ շնորհակալական յատուկ խօսք՝ Զաւէն Պոյաճեանին, իր հեղինակած գիրքի մասին վերջինիս արտայայտած դրական կարծիքին համար:

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Անտարես» հրատարակչատունը Հայաստանի մէջ մշակութային-հրատարակչատան գործունէութիւն ծաւալող կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մին է եւ հանրութեան ներկայացուցած է տասնեակ օտարագիր գրողներու գործեր, որոնցմէ վերջինը՝ Պիրկիւլ Օղուզի «Հա՛հ» հատորն է:  

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017