ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ԿԷՍԻՆ

Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակուի զանազան հարթութիւններու վրայ։ Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հինգերորդ ժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաքուի մէջ երեք նախարարները համատեղ բանակցութիւններ վարելու առընթեր, իւրաքանչիւրը առանձնազրոյցներ ալ ունեցան իրարու հետ։ Մինչ այդ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու առանձին ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Նոյնպէս Ճեւատ Զարիֆն ալ Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ ատրպէյճանցի ղեկավարին կողմէ։

Թուրքիա՝ Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ ստեղծուած այս եռակողմանի համագործակցութեան դրութիւնը կը կարեւորէ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու տեսանկիւնէն։ Փոխադարձ շահերու հիման վրայ այս երեք երկիրները կը ջանան մօտեցումներ զարգացնել տարածքաշրջանի անդորրութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրա-պընդման նպաստելու առաջադրութեամբ։ Երէկուան ժողովին ընթացքին շօշափուեցան այս երեք երկիրներու համատեղ օրակարգին տեսակէտէ կարեւոր զանազան նիւթեր՝ տարածքաշրջանային համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններու լոյսին տակ։ Նախարարները աչքէ անցուցին նաեւ աւելի առաջ ընդունուած որոշումներու գործադրութեան ընթացքը։

Պաքուի երէկուան եռակողմանի ժողովէն վերջ, Չավուշօղլու, Զարիֆ եւ Մամետեարով հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Կը հաղորդուի, որ եռակողմանի բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկած են փոխադրութեան, ուժանիւթի, մաքսակէտերու եւ այլ բնագաւառներէ ներս տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Բնականաբար, քաղաքական նշանակութեամբ զանազան նիւթերու շուրջ ալ ժողովական նախարարները պարզեցին իրենց երկիրներու տեսակէտները։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու չեղարկման ուղղեալ նախաձեռնութեան։ Իր խօսքերով, Երեւանի՝ արձանագրութիւնները առ ոչինչ հռչակելու ուղղեալ քայլը որեւէ նշանակութիւն չունի Անգարայի համար։ Նախարարը յայտնեց, որ Թուրքիա ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ կառուցելու հարցին մէջ ունեցած է իր նախապայմանը եւ այդ նախապայմանը վերաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Առանց Հայաստանի կողմէ այդ նախապայմաններու կատարման՝ երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը անկարելի է։ Այդ արձանագրութիւնները սառեցուցէք կամ չեղարկեցէք՝ մեզի համար որեւէ նշանակութիւն չունի», ըսաւ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ։

Բաց աստի Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Թուրքիա կը փափաքի աւելցնել Ատրպէյճանէն եւ Իրանէն գնած նաւթի եւ բնական կազի ծաւալները։

Իր կարգին, Էլմար Մամետեարով խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ Ան անդրադարձաւ յառաջիկայ տարեմուտին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ նախատեսուած իր հանդիպման։ Ատրպէյճանցի նախարարը նոյնիսկ նշեց այդ տեսակցութեան հաւանական ժամկէտը՝ որպէս Յունուարի կէսերը։ Ան այդ բացատրութիւնը տուաւ՝ որպէս սկզբնական ժամկէտ։ Հաստատելով Եդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպման համար պատրաստակամութիւնը՝ Էլմար Մամետեարով ըսաւ. «Ես դէմ չեմ նոյնիսկ երկու օր բանակցելու, միայն թէ ըլլայ արդիւնք մը»։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ երէկ հաստատեցին, որ Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարուան սկիզբին։ Հայկական դիւանագիտական աղբիւրներուն համաձայն, ժամկէտներու եւ վայրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի փոխանցուին ապագային։

ՀԱՄԱՏԵՂ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐ

Միւս կողմէ, յաջորդ տարի Թուրքիա, Ատրպէյճան, Խրղըզիստան եւ Մոնկոլիա կը պատրաստուին համատեղ ռազմափորձեր իրականացնել։ «Թրքական աշխարհի միասնական բանակ. Եւրոասիական ռազմական ուժ» անուանումով միասնական բանակի մը ստեղծման այս նախաձեռնութիւնը լայն արձագանգ գտած է տարածքաշրջանի երկիրներուն մօտ եւ այս մասին հաղորդումներ ըրած են նաեւ Իրանի լրատումիջոցները։ Տակաւին 2013 թուականին թրքախօս երկիրները համատեղ ռազմական ուժերու  ծրագիր մը մշակած էին եւ այդ ռազմական ուժը պէտք է տարածքաշրջանի անվտանգութեան ապահովմամբ զբաղի։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017