ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Աշխատանքային այցելութեան շրջանակին մէջ ան մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն բարձրաստիճան դէմքերու հետ։ Եդուարդ Նալպանտեան օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանի հետ։ Բաց աստի, նախարարը Ֆրանսայի ծերակոյտի եւ ազգային ժողովի խումբ մը անդամներուն հետ ալ մէկտեղուեցաւ։ Այդ խորհրդարանականները ընդհանրապէս Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ կամ ղեկավարներ էին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեանի շփումներուն ընթացքին խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը հրատապ խնդիրներու շուրջ։

Նալպանտեան եւ Լըմուան կանգ առին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վրայ։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վրայ՝ Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ բոլորովին վերջերս ստորագրուած համապարփակ համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի լոյսին տակ։

Եդուարդ Նալպանտեան Միքայէլ Ժանի հետ ալ քննարկեց յառաջիկայ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։  

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017