ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին տեսակցեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ, որ վերջին օրերուն կը գտնուէր Երեւանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ միութեան Հայաստանի կառոյցը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալպանտեան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի աւանդը՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, մշակութային կեանքի զարգացման, հայապահպանութեան գործին մէջ։

Պերճ Սեդրակեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան նկատմամբ բարձր գնահատանքի կապակցութեամբ։ Ան վստահեցուց, թէ ՀԲԸՄ պիտի շարունակէ իր ազգանուէր եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղեալ գործունէութիւնը։

Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան ՀԲԸՄ-ի ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագրերը։ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան նաեւ համահայկական օրակարգի զանազան հարցերուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018