ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՀԻՐԷ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն կարեւոր այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ։ Եգիպտոսի մայրաքաղաքը հասնելէ անմիջապէս վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ գահակալ նորին սրբութիւն Թաւատրոս Բ. պատրիարքին հետ։ Աւելի ուշ այս հանդիպումին միացաւ նաեւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաաի պատրիարքը։ Հոգեւոր առաջնորդներու զրոյցը տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու մասնակցութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան քըն-նարկուեցան Միջին Արեւելքի եւ եկեղեցիներու գործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եգիպտոսի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Էլ-Ազհար իսլամական համալսարանական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած միջազգային կարեւոր համագումարի մը, որ ձօնուած էր խաղաղութեան վերահաստատման հարցին։ Այս համագումարի ծիրէն ներս ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յատկապէս հաւաքոյթին մասնակից զանազան պետութիւններու, իսլամական կեդրոններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ։

Գահիրէի կեցութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ։ Բաց աստի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան եւ թեմական իշխանութիւնը ի պատիւ նորին սրբութեան սարքեցին ընթրիք մը այն պանդոկին մէջ, ուր իջեւանած էր Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018