ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՖՐԱՆՍԱ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ֆրանսա։ Մինչեւ 24 Յունուար պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու ծրագիրը պիտի սկսի մայրաքաղաք Փարիզէն եւ աւարտին պիտի հասնի Սթրազպուրկի մէջ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր եւ վաղը շփումներ կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Էլիզէի պալատէն ներս ան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ։ Բաց աստի Սերժ Սարգսեան կը տեսակցի Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւժիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի անդամներուն հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան եւ Էմմանուէլ Մաքրոն իրենց տեսակցութեան արդիւնքները ամփոփելու համար կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ ալ կ՚ընդունի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէ։ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ Սերժ Սարգսեան եւ իր ընկերակիցները կը մէկտեղուին նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Սերժ Սարգսեան 24 Յունուարին Սթրազպուրկի մէջ կը մասնակցի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին։ Սթրազպուրկի մէջ նախատեսուած է Սերժ Սարգսեանի ելոյթը։ Ելոյթի առընթեր ան կը պատասխանէ նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներու հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցումներու։ Սերժ Սարգսեան Սթրազպուրկի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի, Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի նախագահ Տիտօ Ռայմոնտիի, «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճաննի Պուքիքոյի, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նորընտիր նախագահին հետ։ Այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանին կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը։

Բացի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն, Սթրազպուրկի մէջ, ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանի ընթացքին ելոթներով հանդէս պիտի գան Դանիոյ վարչապետն ու գահաժառանգը, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ նախագահը։ Ձմեռնային նստաշրջանի ընթացքին նախատեսուած է ԵԽԽՎ-ի նոր նախագահի ընտրութիւնը եւ Մարդու իրաւանց գերագոյն նոր յանձնակատարի ընտրութիւնը։

ԵԽԽՎ-ի Նախարարաց կոմիտէի շրջանային նախագահը ներկայիս Դանիան է։ Ուստի, Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարը զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ Նախարարաց կոմիտէի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Թորպիոն Եակլանտն ալ Եւրոխորհուրդի տարեկան գործունէութեան վերաբերեալ զեկոյցը պիտի ներկայացնէ ձմեռնային նստաշրջանի ընթացքին։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018