ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԵՒ ԲԱՑՈՒՄ

Անմոռանալի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր ոգեկոչուեցաւ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Այսպէս, յունուարի 20-ին, Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը այցելուներուն առջեւ բացաւ իր դռները ամբողջութեամբ վերանորոգուած եւ Վանի նուիրական անկիւնով մը համալրուած։ Տարեդարձի օրը խումբ մը արուեստագէտներու ուղեկցութեամբ լրագրողներ այցելեցին Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը, որ բոլորին կը ներկայանար ամբողջութեամբ վերանորոգուած ձեւով։ Իր տարեդարձին ու թանգարանի բացման համընկնիլը ունէր յատկանշական իմաստ։

Տուն-թանգարանի վարիչ Արմենուհի Տեմիրճեան այս առթիւ ըսաւ.

«Յուշային հատուածը ամբողջութեամբ պահուած է, որովհետեւ Կապուտիկեան կտակին մէջ յորդորած էր ոչինչ փոխել, բան մը չաւելցնել կամ չպակսեցնել։ Մոսկուաբնակ հայերու օգնութեամբ կառուցուած է Վանի նուիրական անկիւնը, որ պատշգամի հատուածին մէջ կը գտնուի. այնտեղ նախապէս հին պահարան մը կար՝ հին գիրքերով ու թերթերով։ Այնտեղ այժմ կը ցուցադրուին Վանէն բերուած սպասքը, մեծ տաշտակը, որու մէջ Կապուտիկեաններու քանի մը սերունդ լուացուած է եւ այլ քանի մը նմոյշներ»։

Արմենուհի Տեմիրճեան շեշտեց, որ տուն-թանգարանին վերանորոգումը իրականացուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի աջակցութեամբ ու շարք մը բարերարներու կամ անհատներու նուիրատուութիւններով։ Վերանորոգման ծրագրին համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յատկացուցած է 1 միլիոն 150 հազար հայկական դրամ։

Տեմիրճեան յիշեցուց նաեւ, որ անցեալ տարի նշուեցաւ Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակը եւ այս յոբելեանին բերումով հրատարակուեցաւ չորս գիրք՝ ըստ էութեան բանաստեղծութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020