ՑԱՆՑԸ Կ՚ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԻ

Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի ցանցը ընդլայնման ճանապարհի վրայ է։ Այսպէս, յառաջիկային կը ծրագրուի ԹՈՒՄՕ-ի մասնաճիւղ մը բանալ Պերլինի մէջ։ Երէկ, Երեւանի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Կեդրոնական դրամատան տնօրէն Արթուր Ճաւատեան եւ այլ պատասխանատուներ։ Հարկ է նշել, որ նախապէս ԹՈՒՄՕ-ի մասնաճիւղ մըն ալ հաստատուած էր Փարիզի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020