«ՁՄԵՌ 2021»Ի ԸՆԴԱՌԱՋ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը 1-12 փետրուար թուականներուն համատեղ ռազմափորձեր պիտի իրականացնեն Կարսի մէջ։ «Ձմեռ 2021» կոչուած են այս մօտալուտ զօրավարժութիւնները, որոնք կեանքի պիտի կոչուին Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ։ Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանն ալ մօտէն կը հետեւի Կարսի մէջ նախատեսուած այս ռազմափորձերու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով «Ռեկնում» կայքէջին համար յօդուած մը գրի առած է ռազմափորձերուն ընդառաջ։ Ան համոզուած է, որ Թուրքիա Կարսի մէջ նախատեսուած զօրավարժութիւններով յստակ խնդիրներ լուծելու հետամուտ է։ Թուրքիա այս զօրավարժութիւններուն մասնակցելու հրաւէր ուղղած է նաեւ Փաքիստանին։

«Այստեղ գոյութիւն ունին բազմաթիւ տարօրինակ եւ խորհրդանշական երեւոյթներ։ «Ձմեռ 2021» զօրավարժութիւնները կը կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն յետոյ։ Եթէ երկու «եղբայրական բանակները» որեւէ ձեւով չեն կարողանար Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն յետոյ իրարմէ բաժնուիլ, ապա կրնային իրենց ռազմափորձերը կատարել, ըսենք, Անատոլուի խորքին։ Առաւել եւս, որ Անգարա կ՚ակնկալէ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, իսկ Պաքու Մոսկուայի միջնորդութեամբ երկխօսութիւն կը վարէ տնտեսական եւ տարածքային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։ Կարիք չկայ երկար մտածելու, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս զօրավարժութիւններով ո՛վ կը տեսնեն՝ որպէս պայմանական հակառակորդ», նշած է ռուս վերլուծաբանը եւ ընդգծած՝ որ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Փաքիստան ռազմական դաշինք մը յայտնուած է տարածքաշրջանէն ներս եւ այս հանգամանքը զգօնութիւն կը յառաջացնէ ոչ միայն Հայաստանի մէջ։

Սթանիսլաւ Թարասով ընդգծած է, որ Ատրպէյճան Ռուսաստանի հետ նոր քաղաքական որակով երկխօսութեան մը դուրս եկած է՝ կորսուած շրջանները դարձեալ իր վերահսկողութեան տակ առնելէ վերջ։

Նոյն վերլուծաբանը քանի մը օր առաջ ալ նոյն կայքէջին համար կատարած էր ուրիշ խորհրդածութիւն մը, որու մէջ դիտել տուած էր, որ Անդրկովկասէ ներս սերտօրէն կը միահիւսուին Ռուսաստանի, Արեւմուտքի, Թուրքիոյ եւ Իրանի շահերը։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ իրադարձութիւններու արտաքուստ տեսանելի ընթացքը միայն սառցաբերդի մակերեսային մասն է, իսկ անոր հիմնական մասը խոր ջուրին տակ կը գտնուի։ Համաշխարհային տէրութիւններուն միջեւ պայքար կայ եւ հաւանաբար կը շարունակուի։ «Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն յետոյ Անդրկովկասի մէջ առկայ է արտաքին խոշոր խաղացողներու պայքարի նոր փուլի մը վտանգը, ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ իրադարձութիւններու ապագայ զարգացման», համոզուած է ռուս վերլուծաբանը։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021