ԹԻՖԼԻԶԻ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի կոչ ուղղեց, որպէսզի Եւրոմիութիւնը աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուի Հարաւային Կովկասի առկայ մարտահրաւէրներու կարգաւորման։

Երէկ, Սալոմէ Զուրապիշվիլի շփումներ ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ, ուր տեսակցեցաւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ Ժոզէֆ Պորել հերթական անգամ նշեց, որ եւրոպական կողմը կ՚աջակցի Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021