ՆՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ
Ուաշինկթընի նոր վարչախումբը կարեւոր ազդանշաններ կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնի ձեռնարկելէ անմիջապէս վերջ կատարուած յայտարարութիւնները կու գան ակնկալութիւններ ստեղծել, թէ ամերիկեան վարչախումբը ջանքերը պիտի աշխուժացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեւական լուծման նպատակով։
Պայտընի վարչախումբէն ներս ամենայն հաւանականութեամբ պետական քարտուղարի պաշտօնը ստանձնէ Էնթընի Պլինքին։ Այժմ այս վերջինը կ՚ընկալուի ԱՄՆ-ի ապագայ արտաքին գործոց նախարարի աչքով։ Ամերիկահայ կազմակերպութեան մը հարցումին գրաւոր պատասխանելով՝ Էնթընի Պլինքին յայտնեց, որ կողմնակից է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգային, մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար տրամադրած ելմտական աջակցութեան տեւականացման։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի վերջին արիւնահեղութիւններուն զուգահեռ՝ ամերիկեան վարչակազմը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Ատրպէյճանին տրամադրուած ռազմական աջակցութիւնը։ Եւ եթէ հանգամանքները ի յայտ բերեն խնդիրներ, ապա նոր վարչախումբը կրնայ փորձել որոշ նոր կարգադրութիւններ կատարել։ Պլինքին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին եւ Պետական քարտուղարութեան միջեւ սերտ համագործակցութիւն կը նախատեսէ՝ Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի անվտանգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու նպատակով։ Մինչ այդ, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի շարք մը վերլուծական կեդրոններէ մասնագէտներու հետ։ Այս տեսակցութեան նպատակն էր քննարկել ԱՄՆ-ի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կայուն ու համապարփակ կարգաւորման հարցին մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին ամերիկացի դեսպանը շեշտած է նաեւ գերիներու անվտանգ վերադարձի կարեւորութիւնը։
Վերջին օրերուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Քերի Քեւինոն ալ անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Ալիեւ ինքզինք այնպէս կը պահէ՝ կարծես Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած ըլլար, մինչդեռ առանցքային հարցերը տակաւին կը մնան չլուծուած», ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարած էր ամերիկացի դիւանագէտը։ Անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած վերջին եռակողմանի հանդիպման՝ Քեւինօ անոր դրական երեսակը համարած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հաւատարմութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման նկատմամբ։ Ըստ Քեւինոյի, եռակողմանի հանդիպման անհանգստացուցիչ կողմը այն է, որ Ալիեւ ինքզինք այնպէս կը պահէ՝ կարծես հակամարտութիւնը լուծուած է, իսկ սա այդպէս չէ, առանցքային հարցերը տակաւին կը մնան չլուծուած։ «Համապարփակ կարգաւորումը անհրաժեշտ է կայուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հիմք ստեղծելու համար», համոզուած է ամերիկացի նախկին համանախագահը։