ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը։ ԵՄ-է ներս ֆրանսական նախագահութեան շրջանի սկսելուն զուգահեռ իրականացուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը։ Եւրոմիութեան խորհուրդէն ներս ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ Իզապել Տիւմոն եւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Եւրոպացի պաշտօնատարները տեսակցեցան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս յատուկ ներկայացուցիչի առաքելութիւնը կ՚իրականացնէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած իրավիճակին, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կայունութեան ու լիցքաթափման ուղղեալ քայլերու կարեւորութեան։  Մասնաւորապէս կարծիքներ փոխանակուեցան Սոչիի եւ Պրիւքսելի մօտաւոր անցեալի եռակողմանի գագաթաժողովներու արդիւնքներուն եւ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման շուրջ։ Զրուցակիցները ընդգծեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ հաշտութեան գործընթացի լիարժէք գործարկման եւ համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան եւ Արմէն Գրիգորեան, որոնք ներկայ էին Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման, առանձնապէս ալ ընդունեցին եւրոպացի պաշտօնատարները։ Արարատ Միրզոյեան հիւրերը ընդունելու ժամանակ շեշտը դրաւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման վրայ։ Ան կարեւորեց նաեւ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ապագայ զարգացումը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ յառաջացած մարդասիրական խնդիրներու ամբողջէն ներս նախարարը կանգ առաւ գերիներու վերադարձի խնդրին վրայ։ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ հրադադարը պէտք է պահպանուի լիակատար եւ անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարի։ Միրզոյեան ընդգծեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ ու տեւական կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու լիարժէք վերսկսումը։

Արմէն Գրիգորեանն ալ եւրոպացի պաշտօնատարներուն հետ շօշափեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը։ Ան ընդգծեց սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի շուտափոյթ սկիզբի եւ այդ նպատակով համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը։ Մատնանշուեցաւ, որ մարդասիրական խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին ԵՄ կրնայ աշխոյժ աշխատանք տանիլ՝ մասնաւորապէս գերիներու վերադարձի հարցով։

Ռուբէն Ռուբինեանն ալ եւրոպացի պաշտօնատարներուն հետ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Սոչիի եւ Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումներուն ժամանակ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման շուրջ։ Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ յատուկ ներկայացուցիչներու Մոսկուայի առաջին հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Իր խօսքով, հայկական կողմը հետաքրքրուած է բովանդակային գործընթացի միջոցաւ յստակ խնդիրներու լուծմամբ։

Հարկ է նշել, որ Իզապել Տիւմոն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի դիւանագիտութեան գծով ստորաբաժանման խորհրդականն է։ Իր եւ Թոյվօ Քլաարին առընթեր, երէկ Երեւան այցելած պատուիրակութեան մաս կազմեցին ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան հարցերով դեսպան Պորիս Ռոքվոյ, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահի յատուկ խորհրդական Մակտալենա Կրոնոյ, ինչպէս նաեւ Երեւանի մօտ ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորին եւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լիւօ։

Միւս կողմէ, Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ռուբինեան ռուսական կողմին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ յատուկ ներկայացուցիչներու Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպման հիւրընկալման եւ բնականոնացման գործընթացին աջակցելու պատրաստակամութեան համար։ Ան շինիչ որակեց Մոսկուայի հանդիպումը՝ նշելով, որ հայկական կողմը հետաքրքրուած է բովանդակային գործընթացի մը միջոցաւ յստակ խնդիրներու լուծմամբ։ Իր կարգին, Քոփիրքինն ալ հաւաստիացուց, թէ Ռուսաստան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022