ՊԼԻՆՔԸՆ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ուքրայնայի տագնապը այս շրջանին պատճառ դարձած է, որ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ յառաջանայ աննախընթաց լարուածութիւն։ Միջազգային հանրութիւնը չափազանց մտահոգ մթնոլորտի մը մէջ կը հետեւի իրադարձութիւններուն, ուստի երէկուան ժամադրութիւնը առարկայ դարձաւ անմիջական ուշադրութեան։ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու առկայ լարուած իրավիճակին մէջ Պլինքըն եւ Լաւրով վարեցին բանակցութիւններ։ Ռուսական կողմը շարունակեց յամառօրէն գրաւոր երաշխիքներ ակնկալել իր անվտանգութեան համար։ Լաւրով Պլինքընի նկատառման յանձնեց, որ Մոսկուայի մտահոգութիւններու ապագայ անտեսումը պիտի ունենայ ամենալուրջ հետեւանքները։ Ըստ երեւոյթին, այս առումով շօշափելի յառաջընթաց մը արձանագրել կարելի չեղաւ, որովհետեւ Պլինքըն յայտնեց, որ ՆԱԹՕ պիտի շարունակէ «բաց դռներու» քաղաքականութեան հետեւիլ։ Ամերիկեան կողմի հրապարակումներուն մէջ նկատելի է աւելի սպառնախառն ոճ մը, թէ Ուքրայնայի վրայ որեւէ յարձակում կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ ռուսական կողմին համար։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Պլինքըն եւ Լաւրով համամիտ գտնուեցան դիւանագիտական շփումներու տեւականացման ուղղութեամբ, մինչ Զուիցերիա պատրաստակամութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նոր գագաթաժողովի մը հիւրընկալման շուրջ։

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ յայտնեց, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ գերտէրութիւններու միջեւ անվստահութիւնը հասած է գագաթնակէտին։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Թուրքիա եւս կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ միջնորդի դեր կատարելու համար։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022