Ալեխանտրօ Տանտանեան՝ Պուէնոս Այրէսի Ազգային Թատրոնի Գլխաւոր Տնօրէն
Պուէնոս Այրէսի Սերվանթէսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ալեխանտրօ Տանտանեան:
Արժանթին մէջ մեծ համբաւ ունի Սերվանթէսի անուան թատրոնը, որ յայտնի է իբրեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգային թատրոն եւ այստեղ հանդէս եկած են աշխարհի սպանախօս բազմաթիւ յայտնի եւ հռչակաւոր արուեստագէտներ:
Այդ յայտնիներէն մին է երգիչ, դերասան, բեմադրիչ, արուեստագէտ, թատերական գործերու հեղինակ Ալեխանտրօ Տանտանեան: Ան հիմնադիրն է «Հարաւային համայնապատկեր» նախագծին, որուն ծիրէն ներս, ի թիւս այլ գործերու, կը կատարուի արուեստագէտներու փորձի եւ աշխատանքներու փոխանակում: Միաժամանակ, ան միշտ իր գործունէութեան մէջ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է երգարուեստին՝ ոչ միայն անձնապէս հանդէս եկած է իր կատարումներով, այլեւ կազմած է առանձին ծրագիրներ, որոնք յաջողութեամբ իրականացուած են Պուէնոս Այրէսի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Իբրեւ բեմադրիչ տասնեակ գործեր ներկայացուցած է հանդիսատեսին՝ Շէյքսփիրէն մինչեւ Պերթոլտ Պրեխտ եւ սպանացի Ալպերթօ Կոնզեխերօ: Իբրեւ բեմագիր եւ բեմադրիչ՝ յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ու բեմ բարձրացուցած՝ Ֆրանս Քաֆքայի «Ամերիկա»ի Տանտանեանի տարբերակը:
Բազմաթիւ են Ալեխանտրօ Տանտանեանի օփերային գործերը, որոնք ներկայացուցած է ոչ միայն Պուէնոս Այրէսի մէջ, այլեւ երկրէն դուրս: Ան մասնակցած է աւելի քան վաթսուն միջազգային տարբեր փառատօններու՝ արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու: Անոր առանձին գործերը թարգմանուած են փորթուգալերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի: