ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Ողջունելով Նալպանտեանը՝ Մոկերինի շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան գործընկերութեան մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի գագաթաժողովին Հայաստանի դրական ներգրաւուածութեան համար։ Նալպանտեան եւ Մոկերինի գոհունակութիւն յայտնեցին ԵՄ-Հայաստան բարձր մակարդակի պարբերական շփումներուն կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան ԵՄ-Հայաստան համապարփակ ընդլայնուած գործունէութեան համաձայնագրի Երեւանի կողմէ վաւերացումէն յետոյ փաստաթուղթի շարք մը դրոյթներու իրականացման։ Նալպանտեան եւ Մոկերինի արծարծեցին նաեւ Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստի նախապատրաստման վերաբերեալ հարցեր։

Հանդիպման տեւողութեան հանգամանալից քննարկուեցան ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան, ԵՄ-ի զանազան ծրագրերուն (մասնաւորապէս՝ COSME եւ «ՀՈՐԻԶՈՆ 2020») Հայաստանի մասնակցութեան, Ընդհանուր օդագնացութեան գօտիի մասին համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ յաջորդ ամիս «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին Հայաստանի միանալուն կապակցութեամբ։

Եդուարդ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՄ-ին՝ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի զարգացման ի նպաստ ցուցաբերուած օժանդակութեան համար։ Նախարարին բնորոշմամբ, այդ օժանդակութիւնը նշանակալի դեր խաղացած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ կառոյցներու կարողութիւններու զարգացման համար։

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի խօսեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան միջեւ համագործակցութեան եւ այդ ամբողջին մէջ կանգ առին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցին ի նպաստ ԵՄ-ի աջակցութեան հարցերուն վրայ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ։ Նալպանտեան Մոկերինիին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերուն։

Որպէս Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի համանախագահներ՝ Նալպանտեան եւ Մոկերինի հանդիպման աւարտին ստորագրեցին Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու իրագործման մասին փաստաթուղթ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018