Համբաւի Ճեմուղին Միջին Արեւելքի Մէջ

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը՝ Milestones ընկերութեան հետ։ Այսպէս, Հոլիվուտի Առեւտը-րարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը: Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղին միջազգայնօրէն ճանչցուած հոլիվուտեան խորհրդանիշ է: Տարեկան մօտաւորապէս 24 աստղերու հանդիսութիւններ կը սփռուին աշխարհին մէջ, հանրութեան մատուցուող մշտական ամրապնդումը Համբաւի ճեմուղին դարձուցած է աշխարհի լաւագոյն այցելութեան վայրերէն մին: Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը շարունակէ աստղեր աւելցնել Համբաւի ճեմուղիին վրայ: Այս համաձայնութեամբ առիթ կը ստեղծուին Միջին Արեւելքի մէջ ականաւոր մեծարեալներուն՝ ճանչցուելու իրենց երկիրներուն մէջ: Ատիկա պիտի ըլլայ պատիւ մը բոլոր անոնց, որոնք բացառիկ նուաճումներ արձանագրած են:

«Մենք շատ խանդավառ ենք՝ համագործակցելու Milestones ընկերութեան հետ», ըսաւ Լերոն Կիւպլեր՝ Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատին նախագահը: «Milestones-ի հետ համագործակցութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որպէսզի Համբաւի ճեմուղին հասնի նաեւ այլ շրջաններ եւ իրականացնէ ամբողջ աշխարհին մէջ համբաւաւոր անձերը ճանչնալու մեր առաքելութիւնը», ըսաւ ան:

«Այս համաձայնութիւնը իբրեւ օրինակ կը ծառայէ համայնքներու ճանաչման եւ խթանման փոխադարձ նուիրումին», ըսաւ Ալպերթ Փամպուքեանը՝  Milestones ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնը: «Մենք անհամբեր ենք ծրագիրը իրականացնելու Միջին Արեւելքի մէջ եւ տարածելու մեր միացեալ առաքելութիւնը», նշեց ան:

Բաց աստի, աւելի քան 95 տարուան ընթացքին Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը մատուցած է ծրագրեր եւ ծառայութիւններ՝ ղեկավարութեան, պիզնէսի զարգացման միջոցներու, հաղորդակցութեան եւ կառավարական գործերու մարզերուն մէջ, ապահովելու համար հոլիվուտեան պիզնէսի եւ համայնքներու անվտանգութիւնը,  պատշաճութիւնը եւ տնտեսական աշխուժութիւնը:

Միւս կողմէ, աւելի քան 30 տարուան ընթացքին Milestones ընկերութիւնը մատուցած է նուիրուածութիւն եւ յանձնառութիւն՝ ուշագրաւ լուծումներ տրամադրելու կազմակերպութիւններու, համայնքներու եւ կառավարութիւններու համար: Համաշխարհային համագործակցութիւններու եւ գործընկերներու միջոցով հաստատուած է նշանաւոր համբաւ մը: Milestones ընկերութիւնը նուաճումները վերածած է շօշափելի բարելաւման՝ մարդոց կեանքերուն վրայ եւ շրջակայ միջավայրի բարօրութեան համար:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018