ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԻՋԱՄՏԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՏԱՍԱԿԷՏԷ ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ՝ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒԱԾ ԿՏԱՒԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ նախաձեռնութիւնով մը, որով կանխուեցաւ քրիստոնեաներու տեսակէտէ վիրաւորական երեւոյթ մը, գեղարուեստի պատրուակով։ Այսպէս, վերջին օրերուն համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ մտած էր աշխարհահռչակ նկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր Վերջին ընթրիքի կտաւին աղաւաղուած ձեւը։ Քրիստոսի եւ առաքեալներու դէմքերուն փոխարէն այդ աղաւաղուած տարբերակին վրայ պատկերուած էին հանրածանօթ արուեստագէտներու դէմքերը։ Նկարին վրայ գինիի բաժակներու փոխարէն պատկերուած էին նաեւ օղիի բաժակներ։ Սոյն նկարը կը գտնուէր Նշանթաշըի «Եալան տիւնեա» կոչուած կապելայի պատին վրայ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գրաւոր դիմում կատարեց պատկան իշխանութիւններուն մօտ՝ ուշադրութիւն հրաւիրեց անարգանքին վրայ եւ արտայայտեց իր ակնկալութիւնը՝ որպէսզի միջամտութիւն կատարուի։ Իսթանպուլի ոստիկանութիւնը իսկոյն շարժման անցաւ ու ձեռք դրաւ այդ նկարին։ Պատասխանատուներէն պահանջուած է գրաւոր ներողութիւն խնդրել քրիստոնեաներէն՝ սոյն անարգանքին համար։ Պատասխանատուները նաեւ առցանց ներողութիւն խնդրած են՝ շեշտելով, որ յետին նպատակ մը չէին հետապնդած։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնած է ոստիկանութեան կողմէ ցուցաբերուած զգայնութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019