ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԿԱԶԱՏԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎ

Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Հարաւային կազի նրբանցքի խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Իր տեսակին մէջ հինգերորդ այս հաւաքին ժամանակ նախարարը ելոյթ մը ունեցաւ բացման նիստի ընթացքին։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ շահագրգիռ կողմերը բարձր մակարդակի վրայ մասնակցութիւն բերած են հանդիպման։ Ֆաթիհ Տէօնմէզ համոզուած է, որ այս խողովակաշարի կառուցման ծրագիրը լաւագոյնս կը ցոլացնէ տարածքաշրջանի երկիրներու համագործակցութեան վճռակամութիւնը։

Հարաւային կազի նրբանցքը 45 միլիառ տոլարէ աւելի ներդրումով մը կեանքի պիտի կոչուի։ Արտադրութենէ մինչեւ սպառողի հասնիլը՝ սա արժէքի մեծ շղթայ մը պիտի ըլլայ։ Ֆաթիհ Տէօնմէզ ընդգծեց, որ տարածքաշրջանի երկիրներու ներդաշնակութեան, զօրակցութեան եւ համաձայնութեան շնորհիւ կեանքի պիտի կոչուի այս ծրագիրը եւ տարածքաշրջանի միւս նախագիծերու պարագային ալ օրինակ պէտք է առնուի այս քաղաքական համաձայնութենէն։

Հարաւային կազի նրբանցքի ողնայարը կը հանդիսանայ TANAP։ Սա երկիրներու համագործակցութեան լաւ օրինակ մըն է։ «Անցեալ տարի 12 յունիսին, միասնաբար վկայեցինք TANAP-ի ճիշդ ժամանակին աւարտելուն։ 30 յունիս 2018-ին իրականացուցինք կազի առաջին մատակարարումը դէպի Թուրքիա։ Յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն վերջացած պիտի ըլլան նաեւ ենթակառուցուածքային աշխատանքները՝ որպէսզի խողովակաշարը հասնի Յունաստանի սահմանը։ Այս ծիրին մէջ կ՚ակնկալենք, որ հարաւային կազի հոսքի ծրագիրն ալ TANAP-ի նման հնարաւորինս արագ ձեւով աւարտին հասնի», ըսաւ Ֆաթիհ Տէօնմէզ։

Պաքուի ելոյթին ընթացքին նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութիւնը TANAP-ի շնորհիւ տարածքաշրջանի աշխարհագրութիւնը գերազանցելով կը հասնի դէպի նոր ցամաքամասեր եւ դէպի նոր մարդիկ։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019