ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՆՎԵՐՋ ԱՇԽԱՐՀ

Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք ձեռնարկ մը, որ եկաւ բնորոշել աշխարհահռչակ անմոռանալի արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքի պաշտօնական սկիզբը։ Շարլ Ազնաւուր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսն էր, Ֆրանսայի «Լեժիոն տ՚Օնէօր»ի շքանշանակիր էր, աշխարհահռչակ երգիչ, հասարակական գործիչ, այս շրջանին կը մեծարուի բազմակողմանի ծրագրով մը։ Երէկուան պատկառազդու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազնաւուր ընտանիքի շառաւիղները, Հայաստանի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ այլ հիւրեր։

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնը արուեստի անվերջ աշխարհ մըն է իր ամբողջ գոյներով, հնչիւններով, բառերով։ Այս հանգամանքով պայմանաւորուած անհնար է գնահատել Շարլ Ազնաւուրի ներդրումը, կը համարձակիմ ըսել, համաշխարհային մշակոյթի գանձապնակին մէջ, որովհետեւ իր հարուստ ստեղծագործական կեանքին ընթացքին ան կերտած է անմահ արժէքներ՝ իր գործած բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Զինքը ներկայացնելը շատ դժուար է՝ հաշուի առնելով իր բազմաբովանդակ գործունէութիւնը։ Եւ, միեւնոյն ժամանակ, շատ դիւրին է, որովհետեւ ան պարզապէս Շարլ Ազնաւուրն է», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, որ կը գլխաւորէ Շարլ Ազնաւուրի յոբելենական ձեռնարկները կազմակերպող յանձնաժողովը։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2024