ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւան ժա­մա­նած Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նին հետ Սէր­կէյ Լաւ­րով այս ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։ Ա­ւե­լի վերջ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ու­նե­ցան հան­դի­պում մը։ Ռուս նա­խա­րա­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան կը հիւ­րըն­կա­լուի նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լէ վերջ Պա­քու պի­տի ու­ղե­ւո­րուի Սէր­կէյ Լաւ­րով, ո­րու այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016