ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ՝ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Թուրքիա շաբաթավերջին մեծ ցնցում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, չորս զինուորներ նահատակուեցան ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով, ինչ որ խոր յուզում եւ ցասում յառաջացուց երկրին մէջ։ Երէկ, նահատակները յուղարկաւորուեցան տասնեակ հազարաւորներու մասնակցութեամբ։ Նահատակներու յուղարկաւորութիւնները տեղի ունեցան Կիրեսունի, Քըրըքքալէի եւ Անգարայի մէջ։

Մինչ Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ գործողութիւնները կը շարունակուին, այդ ընթացքին ահաբեկիչներու հետ ծագած բախումներուն հետեւանքով շաբաթավերջին նահատակուեցան Շեւքէթ Չեթին, Մուրատ Շահին, Եէնէր Քըրըքճը եւ  Էրհան Չիյափուլ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019