ՍՐԻ ԼԱՆՔԱՅԻ ՄԷՋ ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ. 290 ԶՈՀ

Երէկ, առաւօտեան ժամերուն աշխարհ ցնցուեցաւ Սրի Լանքայէն հասած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումներու շարքի մը լուրերով։ Այսպէս, մայրաքաղաք Քոլոմպոյի մէջ նոյնաժամանակ ութ ռմբակոծում տեղի ունեցաւ։ Մինչ Ս. Զատկի արարողութիւնները տեղի կ՚ունենային, ահաբեկիչներու թիրախը դարձան երեք եկեղեցի, երեք մեծ պանդոկ, կենդանաբանական այգի մը եւ բնակարան մը։ Սահմռկեցուցիչ այս դէպքին 290 հոգի զոհ գնաց։ 450 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Սրի Լանքայի մէջ կասեցուեցաւ ընկերային ցանցերու հասանելիութիւնը։ 13 հոգի հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Առնուազն երկու յարձակման պարագային կ՚ենթադրուի, որ յարձակողները ինքնասպանական արարքներ իրականացուցած են։ Դէպքի 290 զոհերու շարքին 27-ը օտարահպատակ է։ Անոնց շարքին կան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի երկու ճարտարագէտներ՝ Սերհան Սելչուք Նարիչի եւ Եիղիթ Ալի Չավուշ։

Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները մեծ հակազդեցութեամբ արձագանգեցին այս դէպքերուն։ Ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումի մթնոլորտին մէջ բոլորը զօրակցութիւն յայտնեցին Սրի Լանքայի ղեկավարութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յարձակումները որակեց տմարդի եւ յայտնեց, որ կը պախարակէ, խստագոյնս կ՚անիծէ այդ բոլորը։ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ սրբավայրերու մէջ կատարուած են յարձակումները։ Նախագահը մատնանշեց, որ այս բարբարոսական յարձակումները կու գան անգամ մը եւս յիշեցնել, որ վճռական պայքար պէտք է մղել ամէն տեսակ ահաբեկչութեան դէմ։

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ անմիջապէս արձագանգեց Սրի Լանքայի դէպքերուն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցականներ ուղարկեցին Սրի Լանքայի ղեկավարութեան։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ զօրակցութեան ու ցաւակցական պատգամով մը հանդէս եկաւ Սրի Լանքայի դէպքերուն կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019