ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ուքրայնայի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա արդէն ընտրութեան երկրորդ փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկաւ Վլատիմիր Զելենսքի։ Այս վերջինը երգիծաբան մըն է եւ ցայսօր երբեք քաղաքականութեամբ չէ զբաղած։ Վլատիմիր Զելենսքիի մրցակիցն էր Փեթրօ Փորոշենքօ, որ վերջին տարիներուն Ուքրայնայի նախագահն էր եւ վերընտրուելու համար առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը։

Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ բացի Խրիմէն Ուքրայնայի մէջ նախագահական ընտրութիւն տեղի չէ ունեցած նաեւ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջաններուն մէջ։ Ծանօթ է, որ Խրիմը վաղուց գործնականօրէն դարձած է Ռուսաստանի տարածք, իսկ միւս երկու շրջաններուն մէջ, ուր ժողովուրդը ընտրութեան չէ մասնակցած, անջատման հոսանքը բաւական յառաջացած է։

Փեթրօ Փորոշենքօ երէկ անմիջապէս ընդունեց իր պարտութիւնը։ Իր կարգին, Զելենսքին ալ յիշեցուց, որ Ուքրայնա մաս կը կազմէ Եւրոպային։

Հարկ է նշել, որ Ուքրայնայի նորընտիր նախագահը արդէն սկսած է շնորհաւորականներ ստանալ աշխարհի յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019