«ՊՈԼԼԻ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Դեռահաս տղայի եւ իր շունին մասին պատմող հայկական ժապաւէնը շուտով կը սկսի ցուցադրուիլ։

Յառաջիկայ մայիսի 5-ին Երեւանի մէջ ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ բեմադրիչ Արտեոմ Յարութիւնեանի նոր գեղարուեստաւան շարժանկարը՝ «Պոլլի»ն, որու առաջին ծանօթացումները արդէն հասանելի է համացանցի վրայ։

Արտեոմ Յարութիւնեան շարժանկարի ոչ միայն բեմադրիչն է, այլեւ բեմագիրը։ Ան նշած է, որ նման ժապաւէն մը նկարահանելու միտքը իր եւ իր որդիի մօտ ծագած է մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ:

Ժապաւէնին նիւթը հետեւեալն է. «Պոլլի» շարժանկարի հերոսը՝ Նարեկը, ամէն ինչէ աւելի կ՚երազէ, որ իր ծնողները միաւորուին ու ա՛լ երբեք չբաժնուին։ Արհեստագիտութեամբ հետաքրքրուած, խելացի տղան կը գտնէ իսկական շուն մը, որու ոտքը վիրաւոր է: Տղան վախէն կը փախչի: Սակայն երեկոյեան Նարեկ կը նկատէ, որ շունը իրենց տան մօտ է: Ան կը խղճայ շունին, ոտքը կը վիրակապէ ու մօրմէն գաղտնի կը պահէ նկուղին մէջ: Այս ձեւով տղան ու շունը կ՚ընկերանան: Սակայն այս բոլորէն վերջ գիւղին մէջ կը սկսին կատարուիլ տարօրինակ դէպքեր…

Արտեոմ  Յարութիւնեան կը պատմէ, որ նախքան շարժանկարին նիւթը գրելը պատկերացուցած է, թէ ովքեր պիտի խաղան ժապաւէնին մէջ: Ան նախ անմիջապէս ընտրած է գլխաւոր դերակատարը՝ Էդիկ Առաքելեանը, երբ տեսած է զայն։ Միւս դերակատարներն են՝ Լուիզա Ներսիսեան, Սօս Ջանիբէկեան, Բաբգէն Չոպանեան, Արամ Կարախանեան եւ այլ արուեստագէտներ:

Թէեւ ժապաւէնը դեռահաս տղայի եւ անոր շունին մասին է, սակայն այն նախատեսուած է ինչպէս փոքրերու, այնպէս ալ մեծերու համար։

«Հայաստանի մէջ տակաւին նման բան չէ նկարահանուած: Ժապաւէնը կ՚անդրադառնայ քանի մը նիւթերու։ Անոր մէջ արծարծուած են նաեւ Հայաստանի բնապահպանութեան ու որսագողութեան խնդիրները: Քննադատուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող որսագողութիւնը՝ շեշտելով Կարմիր գիրքին մէջ յայտնուած կենդանիներու պահպանման կարեւորութտւնը», ըսած է Արտեոմ Յարութիւնեան:

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022