ԵՐԳԻՉ ԿԱՐՈՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրանսացի յայտնի երգիչ Կարու այս օրերուն Երեւանի մէջ է, ուր ջերմօրէն կ՚ողջունուի երաժշտասէրներու կողմէ։ Ան երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին Կարու գեղարուեստասէրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց իր կատարողական վարպետութիւնով։ Յայտնի երգիչը այսօր ալ հանդէս կու գայ իր երկրորդ համերգով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022