ԶԱԽԱՐՈՎԱ. «ԱՄՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ԸՐԱԾ ԵՆ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան պատրաստակամութիւն չեն յայտնած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքը վերսկսելու համար։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս խնդիրը բարձրաձայնած էր՝ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հիւրընկալելու ժամանակ։ Յաջորդ քայլափոխին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի հանամանախագահները իրերայաջորդ այցելած էին Երեւան, մինչ ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւն ալ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած էր՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար։

Այս բոլորէն վերջ Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Ուաշինկթընէն եւ Փարիզէն պատգամներ չեն հասած՝ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքը վերսկսելու պատրաստակամութեան ուղղութեամբ։ «Չենք ալ ակնկալեր», ըսաւ ռուս բանբերը, ըստ որու, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա գործնականօրէն կաթուածահար ըրած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը՝ հրաժարելով Ռուսաստանի մասնակցութեամբ համագործակցութենէ։

«Նման զուգադիպութիւնները պատահական չեն ըլլար», ըսաւ Զախարովա եւ աւելցուց, որ Պրիւքսելն ալ անթաքոյց փորձեր կը կատարէ՝ իւրացնելու համար Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի յայտնի համաձայնութիւնները եւ օրակարգը։ Այդ բոլորը անցեալ տարի առաջարկած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Այս բոլորի լոյսին տակ Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ ռուսական կողմը կը վերահաստատէ իր անվերապահ յանձնառութիւնը՝ հետեւողականօրէն կեանքի կոչելու համար Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած յայտարարութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ Մոսկուա վճռական է ամէն ձեւով նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։ Բանբերի խօսքով՝ Ռուսաստան անոնց հետ կապուած է բարեկամութեան, դաշնակցային եւ գործընկերային կապերով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022