ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«70 տարեկանէդ վերջ ամէն մարդ քեզ կը սիրէ, որովհետեւ այլեւս չես կրնար մրցակից ըլլալ ոեւէ մէկուն», ըսած էր առիթով մը Չեթին Ալթան։ Լաւ բանաձեւում է, իսկապէս...

Բնութեան մէջ ալ մրցակցութիւն կայ, մարդն ալ բնութեան մաս կը կազմէ, բայց, երբեմն բնականն ու մարդկայինը կը տարբերին։ Մայրամուտը ունի իր հմայքը բնութեան մէջ։ Երբեմն կ՚ըլլան պահեր, երբ մայրամուտի եւ այգաբացի գոյները դժուար թէ զանազանուին։ Այդ գեղեցկութիւնը, խորհուրդը, գոյներու առթած զգացումները կրնան մրցիլ իրարու հետ։

Հապա մարդկայինը՞... Միթէ կարելի՞ է կեանքի վերջալոյսը համեմատել ծնունդի կամ երիտասարդութեան հետ։ Անոնք միթէ կրնա՞ն մրցիլ իրարու հետ։

Մարդը բնութեան դէմ մշտական մաքառումի մէջ է, բայց, վերջին հաշուով կը համակերպի անոր եւ այդ համակերպման փուլին ալ կ՚անդրադառնայ, որ բնութեան մէկ մասնիկն է, պարզապէս եւ անխուսափելիօրէն...

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022