ԱՆՑԵԱԼ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ

Մանկավարժական համալսարանին մէջ դասախօսներէն մին վերջերս ինձ ըսաւ. «Երբ ձեզ կը տեսնեմ՝ կ՚ուզեմ դիմել՝ Լեւոն, որովհետեւ կը յիշեմ ձեր հայրիկը»: Ըսի, որ սա հաճելի եւ պատուաբեր «շփոթութիւն» է: Կը կարծեմ՝ մարդը արժէք կը ներկայացնէ (նաեւ՝ որպէս քաղաքացի, որպէս հասարակութեան անդամ) միայն այն պարագային, եթէ երկարատեւ պատմութեան մը, պատումի մը մասն է: Եւ այդ առումով՝ կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ինքն իրեն, այլեւ՝ իր նախնիներն ու իր յետնորդները: Օդէն իջած, վերացական, արմատներ չունեցող եւ պտուղներ չտուող մարդը (կամ ազգը, որ նոյն է) օդի մէջ ալ կը կորսուի:

Ի՞նչը մարդը կը կապէ անցեալի եւ ապագայի հետ: Այն, ինչ որ կը կոչուի քաղաքացիական հասարակութիւն (չշփոթել հասարակական կազմակերպութիւններու հետ)՝ ընտանիքը, ծուխը, կրօնական համայնքը, արհեստավարժ հանրութիւնը, ակումբը եւ այլն:

Հորիզոնական կապերը, որոնք կը ստեղծուին մարդոց միջեւ, իրական, ո՛չ թէ աճպարարական ժողովրդավարութեան հիմքն են: Իշխանութիւնը մշտապէս կը ձգտի մարդիկ էնտոքթրինէ ընել (վարդապետութենէ զրկել), ծայրայեղ պարագային՝ ուղեղներու լուացման, որպէսզի անոնք ենթարկուին իր՝ իշխանութեան կամքին: Քաղաքացիական հասարակութիւնը կը ձգտի համերաշխութեան, որքան ուժեղ է համերաշխութիւնը, այնքան դժուար է մարդոց վզին բան մը փաթաթել:

Եթէ անհատները ինքզինքնին կը համարեն տոհմի մը, մասնագիտական համքարութեան մը, տեսակի մը ներկայացուցիչները, ապա անոնց գործունէութիւնը որոշակի իմաստ եւ ուղղուածութիւն ձեռք կը բերէ: Յայտնի դէպք. Էրազմ Ռոթերտամցին եկաւ Թոմաս Մորի մօտ եւ առանց ներկայանալու սկսաւ զրոյցը: Քանի մը վայրկեան անց անգլիացին բացագանչեց՝ դուն կամ Էրազմն ես, կամ՝ սատանան:

…Երէկ իմացայ, որ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար գրադարանը, որմէ կ՚օգտուիմ 1978 թուականէն ի վեր, կախուած է օդէն՝ կամ ապագային կը տեղափոխեն «Ակադեմական քաղաք», կամ ալ… Անոնք, որոնք արմատներ, անցեալ եւ ապագայ չունին, իրենց գործառոյթը կը տեսնեն փճացնելու, ջարդելու մէջ:

…Վերջերս յօդուած մը հրապարակած էինք երկրաբան Հայկ Մելիք-Ադամեանի մօր՝ երաժշտանոցի դասախօս Սուսաննա Ամատունիի մասին: Մելիք-Ադամեան եւ Ամատունի ազգանունները (մականունները) ինծի շատ բան կ՚ըսեն, իսկ ձե՞զի…

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024