ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ԱՔ կու­­սակ­ցու­թեան գլու­խը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 16 Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէի ար­դիւն­քը ա­ռիթ ստեղ­ծած էր, որ­պէս­զի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կա­րե­նայ ըլ­լալ կու­սակ­ցա­կան մը։ Այս հի­ման վրայ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Էր­տո­ղան վերս­տին ան­դա­մակ­ցած էր ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան, ո­րու հիմ­նա­դիրն է։ Այդ ի­րա­դար­ձու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան կու­սակ­ցա­պե­տի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած էր եւ ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քին ալ վերս­տին պաշ­տօ­նա­պէս ստանձ­նեց ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կը։ Նոյն առ­թիւ փո­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ կու­սակ­ցու­թեան կա­նո­նադ­րու­թեան մէջ եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ դար­ձաւ փոխ-կու­սակ­ցա­պետ։

Ե­րէ­կուան հա­մա­գու­մա­րին Էր­տո­ղան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ տուաւ նոր շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ։ Ան շեշ­տեց, որ ոե­ւէ մէ­կը պէտք չէ սպառ­նա­լի­քի տակ տես­նէ իր ա­զա­տու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի՝ մին­չեւ որ երկ­րէն ներս վե­րա­հաս­տա­տուի ան­դոր­րու­թիւ­նը։ Էր­տո­ղան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց, թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան տես­լա­կա­նին յա­րիր քա­ղա­քա­պետ­նե­րու կա­րի­քը զգա­լի է։ Ուս­տի, կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ճա­նա­պար­հը այն­պի­սի քա­ղա­քա­պետ­նե­րով, ո­րոնք յանձ­նա­ռու են ի­րենց ու­սե­րուն վրայ կրե­լու քա­ղաք­ներն ու կու­սակ­ցու­թիւ­նը։

Ե­րէ­կուան ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան վերս­տին անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Եւ­րո­միու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն եւ եւ­րո­պա­կան կող­մի եր­կե­րես դիր­քո­րոշ­ման։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա պար­տա­ւոր չէ տա­կա­ւին եր­կար հան­դուր­ժել այս բո­լո­րին։ «Կա՛մ պի­տի յար­գեն ի­րենց խոս­տում­նե­րը եւ կամ բո­լորս պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր գիտ­ցած ճա­նա­պար­հով։ Յա­մե­նայն­դէպս մեր նա­խընտ­րու­թիւնն է Եւ­րո­միու­թան հետ շա­րու­նա­կել մեր ճա­նան­պար­հը», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը Էր­տո­ղա­նի ե­րէ­կուան ե­լոյ­թի լոյ­սին տակ են­թադ­րու­թիւն­ներ կ՚ը­նեն, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը թափ պի­տի տայ բա­րե­փո­խում­նե­րուն։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մէն ներս ալ չեն բա­ցա­ռուիր փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017