ՍԾՏՀԿ 25 ՏԱՐԵԿԱՆ

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (ՍԾՏՀԿ) ար­դէն դար­ձած է 25 տա­րե­կան։ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլուզ­ման յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ստեղծուած այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին է Հա­յաս­տան։

ՍԾՏՀԿ­-ի 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ այ­սօր յա­տուկ գա­գա­թա­ժո­ղով մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Իս­թան­պու­լի մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջազ­գա­յին քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը։ Գա­գա­թա­ժո­ղո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Այ­սօ­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վին վեր­ջին օ­րե­րուն նա­խոր­դե­ցին ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու եւ ա­ւագ պաշ­տօ­նեա­նե­րու ժո­ղով­նե­րը։ 25-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան։

Այ­սօ­րուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցի Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տիգ­րան Սարգ­սեան, որ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն մին է։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017