ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ կառավարութեան ամենառազմավարական տեսլականն է՝ երկիրը դարձնել տաղանդներու համար դը-րախտ։

Երէկ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Տնտեսական յեղափոխութեան հիմնարար ուղենիշները Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Այս հաւաքոյթը ձօնուած էր Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին տարեդարձին։ Վարչապետ Փաշինեանի առընթեր բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մասնակցութիւն բերին այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ներկայացուեցան զանազան զեկուցումներ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ամփոփելով գիտաժողովը Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ տաղանդը զարգացնելու խնդրին շուրջ։ Ան համոզուած է, որ այս ուղղութեամբ անսահմանափակ հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունին։ «Ես կը հաւատամ, գիտեմ, համոզուած եմ եւ կը տեսնեմ, թէ մենք պիտի հասնինք այդ նպատակին։ Մեզի պէտք է հետեւողականութիւն, աշխատասիրութիւն, համբերութիւն, եւ բնականաբար, մտաւոր աշխատանք, ինչ որ մենք իրարու հետ անպայման պիտի ընենք», ընդգծեց վարչապետը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019