ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՀՐՈՒՄ

Հիրոշիմայի մէջ, Ճաբոն, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մեծն եօթնեակի (G7) անդամ երկիրներու գագաթաժողովը, որ միջազգային բեմահարթակի առկայ հակադրութիւններուն եւ անոնց հրահրման հերթական դրսեւորումը հանդիսացաւ։ Հիրոշիմայի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։ Ժողովական ղեկավարները խոստացան տեւականացնել զօրակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնայի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այս համայնապատկերին վրայ հիմնական դէմքն էր՝ քանի արդէն որոշուած է Ուքրայնայի բանակին տրամադրել «Ֆ-16» ռազմաօդանաւեր, Ռուսաստանի հետ պատերազմին տեսակէտէ կրնայ բեկումնային հանդիսանալ։

Մոսկուայի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերին՝ Հիրոշիմայէն հնչած յայտարարութիւններուն դէմ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «G7»ի երկիրները կը հրահրեն Մոսկուայի եւ Փեքինի դէմ անիմաստ վախեր։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ գագաթաժողովէն դուրս եկած են պատգամներ, որոնք Ռուսաստանի եւ Չինաստանի դէմ ատելութեամբ լեցուն են։ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի «G7»ի ղեկավարները կեդրոնանան սեփական երկիրներու առկայ խնդիրներուն վրայ եւ հրաժարին այլ երկիրները իրենց ազդեցութեան տակ առնելու նպատակով աշխատելէ։

Միւս կողմէ, Հիրոշիմայի եռօրեայ գագաթաժողովին ընթացքին կարեւոր զեկուցումով մը հանդէս եկաւ՝ Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան նախագահ Ֆաթիհ Պիրոլ, որ ներկայիս երկրագունդի ապագային տեսակէտէ կարեւոր յանձնառութիւն մը ստանձնած է։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023