ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԽՕՍԵՑԱՒ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած գաղթականաց վերադարձի հարցերուն շուրջ։ «Հապերթիւրք» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Անգարա ճանապարհային քարտէսի պատրաստութեան ձեռնարկած է գաղթականաց վերադարձը կազմակերպելու նպատակով։

«Գաղթականաց անվտանգ վերադարձին, համապատասխան ենթակառուցուածքներու պատրաստութեան, միջազգային հաւաքականութեան հաւանական աջակցութիւններուն, կեանքի անվտանգութեան երաշխիքներուն նման կարեւոր խնդիրներ կան։ Մենք վճռական ենք, այս մարդիկը պիտի վերադարձնենք, սակայն, ամէն ինչը պէտք է կազմակերպել մարդկային արժանապատուութեան յարիր ձեւով։ Այս գործին համար ճանապարհային քարտէս մը կը պատրաստենք։ Մեծ թիւով աֆղաններ ետ ուղարկեցինք։ Սուրիա ալ 550 հազար գաղթական ետ ուղարկած ենք, սակայն այս թիւը բաւարար չէ։ Աւելի շատ պիտի ուղարկենք։ Վարչակազմին հետ յանձնառութեան մէջ կը մտնենք եւ որոշում տուած ենք այս գործին ենթակառուցուածքը պատրաստելու համար», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023