ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ երեկոյեան Երեւանէն ուղեւորուեցաւ դէպի Պելժիոյ մայրաքաղաքը, ուր այսօր կ՚ունենայ շարք մը շփումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ընդլայնուած կազմով գագաթաժողովին։ Այս հաւաքին հրաւիրուած են Եւրոպական Միութեան անդամ կամ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներէն ԵԺԿ-ին անդամակցող կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական մասնակցութիւն կը բերէ ԵԺԿ-ի աշխատանքին եւ գագաթաժողովներուն՝ իբրեւ ղեկավարը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի Հայաստանի մէջ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանէն այլ կուսակցութիւններ ալ ներգրաւուած են ԵԺԿ-ի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017